2017-06-06 10:31:00

Ֆրանչիսկոս Պապին` Կարդինալ Հուսարի յուղարկաւորութեան արարողութեան առթիւ յղած նամակը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Կարդինալ Հուսար, Քիէվի երբեմնի Աւագ Արքեպիսկոպոսը` եղաւ հոգեւոր հայր ու առաջնորդ համայն Ուքրանիոյ Յոյն կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, ժառանգելով եկեղեցւոյ ''գետնադամբաններու'' ժառանգութիւնը, ուր ան ապաստան գտաւ հալածանքներու ընթացքին''։ Այս խօսքերը պարունակուած են Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Քիէվի Յոյն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնորդ` գերապայծառ Սվիաթոզլաւ Շեվչուքին յղած մէկ նամակին մէջ, անցեալ 31 մայիսին 84 տարեկանին մահացած`կարդինալ Լուպոմիր Հուսարի յուղարկաւորութեան արարողութեան օրուան առթիւ։

Ֆրանչիսկոս Պապ նամակին մէջ մատնանշեց այն արտակարգ բազմութեան որ այս օրերուն ուզեց  մեծարել ննջեցեալ կարդինալը, այս մէկը որակելով ''խօսուն նշան Կարդինալ Հուսարի ներկայացուցած արժէքին'',  որ կարողացաւ Ուքրանիոյ կաթողիկէ եկեղեցւոյ վերադարձնել ոչ միայն եկեղեցական կառոյցները այլեւ պատմութեան ուրախութիւնը` հիմնուած հաւատքի վրայ որ կը շրջանցէ նաեւ տառապանքը։

Նորին Սրբութիւնը ապա նշեց. Կարդինալ Հուսար ունէր Աւետարանի իմաստութիւն, Ան Աստուծոյ Խօսքին հացն էր` բեկանուած պարզերուն, տառապողներուն ու բոլոր անոնց որոնք արժանապատուութեան փնտռտուքի մէջ էին։ Անոր յորդորները միշտ եղած են անուշ, թէեւ պահանջկոտ։ Ան եղած է աղօթքի մարդ ու կ՛աղօթէր բոլորին համար անխտիր։ Ան ամէն մէկուն ունէր բարի խօսք մը` ու մարդոց կը մօտենար մարդկային մեծ ջերմութեամբ եւ բարութեամբ։ Ան կը սիրէր խօսիլ յատկապէս երիտասարդներուն` որոնց հետ ունէր հաղորդակցելու արտակարգ կարողութիւն։

Ֆրանչիկսոս Պապ վերոնշեալ նամակը եզրափակած է շնորհակալական խօսքով ուղղուած Ուքրանիոյ պատմութեան հոգեւոր եւ հասարակական վսեմ անձնաւորութեան ու հրաւէր ուղղած է  հաւատարիմ մնալու Անոր ուսուցումներուն ու նախախնամութեան վրայ ամբողջական վստահութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.